Պոլսո Հայոց պատրիարքը այցութիւն տուաւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, շարունակելով Անգարայի հանդիպումները, 16 Դեկտեմբեր 2025, Երեքշաբթի, իր պատուիրակութեամբ, պաշտօնարանին մէջ այցութիւն տուաւ Ներքին Գործոց Նախարար Ալի Երլիքայային։ Հանդիպման ներկայ էին ԱՔ Կուսակցութեան Ստանպուլի երեսփոխան, Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Հանրապետութեան Նախագահի Մշակութային խորհրդական Արամ Քուրան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Կարօ Վռամ Պապայեան։ Հանդիպումի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց Սուրբ Փրկիչ