Արամ Ա-ն Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը հարցեր՝ Լիբանանի հայ ուղղափառ համայնքին առնչուած

Նախագահ Աուն ողջունելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը՝ գնահատանքով անդրադարձաւ զանազան բնագաւառներու մէջ Լիբանանի հայ համայնքին ունեցած ներդրումին եւ բարձր գնահատեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կարեւոր նպաստը՝ թէ՛ անոր ստանձնած նախարարութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ։