Որքա՜ն կարիքը ունինք զօրանալու հոգեպէս, մանաւանդ մեր ներկայ ժամանակներուն երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը ծանր ընդբախումներու մէջ են մտեր ու անլուծելի թնճուկի վերածուած վիճակով դէմ յանդիման կը թողուն համայն մեր ազգը։ Տխուր ենք պատահածներէն ու շփոթած՝ դողդոջ սիրտերով կը սպասենք որ խաղաղ լուծումներ աւետէ մեզի 2026ը: Կարիքը ունինք զօրանալու, որպէսզի կարենանք մխիթարել մեր եկեղեցւոյ զաւակները, իրենց տալով խորհրդաւոր սպեղանին՝ աղօթքը եւ Աստուծոյ Խօսքը, դարմանելու համար անոնց վէրքերը։