Կը մերժենք բոլոր պառակտիչ դրսեւորումները՝ հաւատարիմ մնալով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին․ Զուիցերիահայոց թեմ

Ատենագրութիւն Զուիցերիոյ Թեմական Խորհուրդի Յունուար 9-ի նիստին, 2026: Զուիցերիոյ Թեմական Խորհուրդը լրիւ կազմով նիստ մը գումարեց հեռակայ zoom-ի դրութեամբ, Ուրբաթ Յունուար 9 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին: Օրակարգ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Ժողովս հանգամանօրէն քննեց նախորդ օրը բոլորին ղրկուած հաղորդագրութեան սեւագիրը, բովանդակութիւնը քննարկելէ ետք միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ, ստորեւ:   ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՅՆ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 5 Յունուարի Խթման երեկոյին, երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներէն