Լեւոն ԺԴ Պապ․ Մտածումս կը յղեմ այս օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ պատահածին, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ․ Vatican News

Մեծ է Լեւոն ԺԴ. Պապին մտահոգութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տիրող լարուած իրավիճակներուն ի տես։ Մտահոգութիւն որ Ան արտայայտեց կիրակի 11 Յունուար 2026-ի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը ողջոյնի խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող բազմահազար հաւատացեալներուն։ Սուրիա եւ Իրան «Մտածումս կը յղեմ այս օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ պատահածին, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ