Արամ Ա-ն 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

Մեր կրօ­նական շրջա­նակներէն ներս հո­գե­ւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդ­հան­րա­պէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս՝ լու­սանց­քային։ Հոգեւոր արժէք­ներու ներթա­փան­ցումը մեր ան­հա­­տական, ընտանեկան ու հաւաքա­կան կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նա­խաձեռ­նութիւններու ու հետեւողական աշխատանք­ներու: