ՀՅԴ պաշտոնական կայք. Արցախի հայաթափումը եւ անոր բռնագաղթը բնականաբար իրենց ծանր անդրադարձը ունեցան նաեւ քեսապահայութեան հոգեվիճակին վրայ, որովհետեւ քեսապահայութիւնը իր մորթին վրայ զգացած էր բռնագաղթն ու «վայելած»` տեղահանութիւնն ու տարագրութիւնը, 21 մարտ 2014-ին: Քեսապահայութիւնը մեծամասնութեամբ ապաստան գտած էր Լաթաքիա քաղաքը (Քեսապէն 60 քմ հեռու)` հարազատներու, բարեկամներու, ծանօթներու (հայ թէ արաբ ու իսլամ) մօտ, մինչ փոքր