Երիտասարդ հոգեւորականները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի հովանիին տակ գործող զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն

Երիտասարդ հոգեւորականները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի հովանիին տակ գործող զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն եւ հանդիպում ունեցան անոնց պատասխանատուներուն հետ: Ծրագիրը նաեւ ընդգրկեց զանազան եկեղեցիներու, վանքերու, համալսարաններու եւ մատենադարաններու այցելութիւններ: Այս առիթով հոգեւորականները մասնակցեցան նաեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պապական տաճարին մէջ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին ձեռամբ: