Cilicia TV. Երէկ գիշեր ուշ ժամուն, Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ թեհրանաբնակ Յովսէփ Աւետեանի հետ։ Վերջինը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին` Իրանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան ընդհանրապէս եւ հայ համայնքին մասին մասնաւորաբար։ Տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ համայնքը մարդկային կորուստ չունի, այլ` միայն նիւթական