Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտի գումարէ սփիւռքեան օրակարգով խորհրդաժողով մը: Անիկա ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի շարքերուն համար կազմակերպուած, ներքին, աշխատանքային խորհրդաժողով մըն է՝ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը եւ անոր ապագայ ուղղութիւնը խորքային մօտեցումով քննելու համար: Համապատասխան մասնագէտներ եւ փորձառու համայնքային գործիչներ եւս պիտի հրաւիրուին՝ քննարկումներուն խորքը եւ բովանդակութիւնը հարստացնելու նպատակով: