Արամ Ա-ի յորդորը պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած թեմերու պատասխանատուներուն՝ առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու անոնց կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սուրիոյ մեր թեմերու հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին։ Ան կեդրոնացաւ յատկապէս Իրանի երեք թեմական շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ Լիբանանի պայթիւնավտանգ կացութեան վրայ։