Aravot Daily
«Հարկաւ որ չենք կրնար երկրի ապագան կապել Ռուսաստանին, ուր որեւէ յառաջընթաց չկայ։ Տեսէք համացանցն իսկ արգիլուած է, այդ երկիրը կամաց-կամաց կը փակուի աշխարհին։ Մարդու ազատութիւնները կ'ոտնահարուին, Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմը աւելի քան 1 միլիոն մարդու կեանք խլած է, երկիրը կը վերածուի բռնատիրութեան։ Մենք ինչպէ՛ս կրնանք Հայաստանի ապագան տեսնել այդպիսի երկրի մը հետ համագործակցութեան մէջ։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը շատ բարձր մակարդակի վրայ է, ազատութիւնները նոյնպէս։ Մեր ժողովուրդը ազատատենչ է, հետեւաբար արժէքային համակարգի տեսակէտէ մեզի համար նախընտրելին Եւրոմիութիւնն է, եւրոպական ընտանիքը», շեշտեց Ալէն Սիմոնեան։
Go to News Site